2016-05-24 10:31:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Իսթամպուլի վեհաժողովի մասնակիցներուն` ''անսանք տառապողի ճիչին''։


(Ռատիօ Վատիկան)  ''Պէտք չէ գոյութիւն ունենայ ընտանիք մը առանց օճախի, ոչ մէկ գաղթական պէտք է մնայ առանց հիւրընկալութեան, ոչ մէկ անհատ առանց արժանաւորութեան, ոչ մէկ վիրաւոր առանց խնամքի, ոչ մէկ մանուկ առանց մանկութեան, ոչ մէկ երիտասարդ առանց ապագայի եւ ոչ մէկ ալեհեր առանց արժանավայել ծերութեան'', այս է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամի բովանդակութիւնը զոր Ան յղեց Իսթանպուլի մէջ կայացած Մարդօգուտ վեհաժողովին մասնակիցներուն

Սրբազան Հայրը ապա հաստատեց թէ հարկաւոր է որ ամէնքս` նախ անհատապէս, ապա միասնաբար, համադրենք մեր ուժերն ու նախաձեռնութիւնները ամէն անհատի ի սպաս։

Բաղձանքս է գրեց Նորին Սրբութիւնը  որ այս վեհաժողովը իրապէս սատարէ ամոքելու միլիոնաւոր մարդոց ցաւերը ու անոնց նկատմամբ ցուցաբերենք անկեղծ զօրակցութիւն ու ճշմարիտ յարգանք։ Անոնք զոհ են բռնութիւններու, ընդհարումներու ու բնական աղէտներու։ Զոհերը ամենէն խոցելի անհատներն են, որոնք կ´ապրին թշուառ և չարաշահութեան պայմաններու մէջ։

Ընդհարումներու լուծումները յաճախ անել կացութեան մէջ են, այս իրողութիւնը հետեւանքն է բազմաթիւ շահերու եւ զինուորական ռազմավարութիւններու, դիտել տուած է Քահանայապետը իր պատգամին մէջ ու հրաւիրած է  ''ստանձնել պատասխանատուութիւնը մեր առած վճիռներուն եւ իրագործած ներգործութիւններուն'' ապա  մաղթանք յայտնած է որ վեհաժողովը առիթ մը հանդիսանայ գնահատելու նաեւ անոնք որոնք օգնութեան կը հասնին ուրիշներուն, կը սատարեն մխիթարելու տառատպեալն ու վիրաւորը, օգնութեան կը հասնին պատերազմի ու բնական աղէտներու զոհերուն եւ կ´աշխատին խաղաղութեան հաստատումին ի խնդիր։

Մէկդի դնենք մտայղացքը ու գաղափարները ու սիրենք անհատները։ Ուրիշի համար նուիրուիլը եւ զոհուիլը կու գայ սէրէն հանդէպ այր ու կնոջ, մանուկին ու ծերին, ժողովուրդներուն ու հասարակութիւններուն գրած է ֆրանչիսկոս Պապը եւ պատգամին աւարտին խնդրած է ժողովականներէն անսալ զոհերուն ու տառապողներուն լացի ճիչին, եւ  թոյլ տալ մարդկայնութեան դասեր առնել, որպէսզի ''ամէնքս աշխատինք բարեփոխելու աշխարհը, քաղաքականութիւնը, տնտեսական մեր ընտրութիւնները, վարուելակերպն ու կենցաղը։

''Տառատպեալներէն ու զոհերէն սորվելով կարող պիտի ըլլանք կերտել աւելի մարդկայնական աշխարհ մը'' հաստատած է Նորին Սրբութիւնը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.